Րաֆֆի Դոուդակյան.Վարչապետ Փաշինեան յայտարարեց, որ քատրերու ջարդ տեղի պիտի չունենայ: Եւ սա կրնայ ըլլալ իր մեծագոյն վրիպումը…

Չկարծէք, որ հակայեղափոխութիւնը դուրսէն պիտի գայ:

Րաֆֆի Դոուդակյան.Վարչապետ Փաշինեան յայտարարեց, որ քատրերու ջարդ տեղի պիտի չունենայ: Եւ սա կրնայ ըլլալ իր մեծագոյն վրիպումը...

Այսօր, պետական բոլոր կառոյցներուն մէջ անխտիր, նախկին իշխանութիւններու ստեղծած՝ մաֆիոզական հոգեբանութեամբ եւ կառուցուածքով պաշտոնէութիւնը ընդհանուր պետպաշտօնէութեան 95 տոկոսը կը կազմէ:

Թաղապետարաններուն մէջ Տարօն Մարգարեանի մաֆիան դեռ այնտեղ է, ոստիկանութեան մէջ՝ Վովայի մաֆիան, եւ այսպէս՝ ամէն տեղ, նախարարութիւններ, գիւղապետարաններ, հիւանդանոցներ, մարզպետարաններ, պետեկամուտներ, եւայլն:

Այս պաշտօնեաներն են առաջին եւ ամենամեծ դժգոհները նոր Հայաստանէն, յեղափոխութենէն յետոյ ստեղծուած նոր իրավիճակէն, որովհետեւ այս մարդիկը օրինաւոր աշխատանք չեն գիտեր ինչ ըսել է:

Այս մարդիկը թալանող եւ կեղեքող համակարգի վարձկաններն էին եւ հիմա՝ օրինականութեան դաշտի մէջ կը զգան այնպէս՝ ինչպէս կատաղած գայլը վանդակին մէջ:

Խօսքս, ի հարկէ, նախկին բոլոր պաշտօնեաներուն չի վերաբերիր:

Վարչապետ Փաշինեան յայտարարեց, որ քատրերու ջարդ տեղի պիտի չունենայ: Եւ սա կրնայ ըլլալ իր մեծագոյն վրիպումը…
Այս մասին՝ յաջորդ «Նամակ երկրէն»ով…

Понравилась статья? Поделиться с друзьями: